2013-11-22 11:54:34

''Տաճար կ՛երթանք ոչ թէ ծէս մը կատարելու այլ զԱստուած պաշտելու համար''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօրուայ իր քարոզին մէջ։


Ուրբաթ, 21 նոյեմբերի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը հաստատեց թէ Տաճարը սուրբ վայրն մէն է ուր կարեւորը ծիսակատարութիւնը չէ այլ զԱստուած պաշտելն է։
Տաճարը քարէ տունն է ուր ժողովուրդ մը կը պահպանէ իր հոգին Աստուծոյ առջեւ։ Սրբութեան տաճար է նաեւ ամէն մէկ անհատի մարմինը որուն սիրտը կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ խօսքերը - ըսաւ Քահանայապետը - ակնարկելով թէ քրիստոնեաները յաճախ կորսնցուցած են տաճարի եւ պաշտամունքի իսկական իմաստը։
Աստուծոյ հետեւիլ բիւրեղացում կը պահանջէ եւ այդ բիւրեղացումին կարելի է ձգտիլ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ, Խոստովանանքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներով։ Այս երկու տաճարներուն մէջ - նիւթական եւ հոգեւոր - Սուրբ Հոգին կը բնակի։ Թող Տէրը մեզի ցոյց տայ տաճարի իսկական իմաստը որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ մեր պաշտամունքի եւ Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեան կեանքի ուղեւորութեան մէջ - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.